2014-03-09 12:13:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը` ''Սատանային հետ կարելի չէ երկխօսութիւն հաստատել''։


Կիրակի, 9 մարտի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Պապը խորհրդածութիւն մը կատարեց մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Յիսուսի անապատի մէջ դիմագրաւած փորձութիւններու մասին, ուր քաշուած էր քառասուն օրեր ամբողջ, սկսելէ առաջ իր փրկարար առաքելութիւնը։
Սատանային հետ երկխօսութիւն կարելի չէ հաստատել –ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց հաւատացեալները քառասնորդաց այս շրջանին, յանձն առնելու ապաշխարութեան ուղեւորութիւն մը եւ վերանորոգելու Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի խոստումը` հեռանալու Սատանային ու ամէն չար գործերէն եւ քալելու` Աստուծոյ ճանապարհով ու ընթանալու դէպի Սուրբ Զատկուայ հոգեւոր ուրախութիւնը։
Մարեմեան աղօթքէն ետք, Սրբազան Հայրը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալներուն, մաղթելով որ քառասնորդացի ընթացքը, պտղաբեր ըլլայ բոլորին համար ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն եւ Հռոմի Քուրիայի իր համագործակիցներուն համր որ այս երեկոյ կը սկսին իրենց քառասնորդացի առթիւ Հոգեւոր Կրթութիւնը։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը, կարտինալներու եւ Հռոմի Քուրիայի անդմաներուն հետ միասին, այսօր յետմիջօրէին հանրակառքով կը մեկնին Վատիկանէն եւ կ՛ուղղուին Հռոմի մօտ գտնուող Արիչչա անուամբ գիւղաքաղաքի Պօղոսեան միաբանութեան պատկանող` ''Աստուածային Վարդապետի Տունը'' ուր պիտի մասնակցին Հոգեւոր Կրթութեան որ վերջ կը գտնէ ուրբաթ` 14 մարտի առաւօտեան։
Կիրակնռրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներէն հրաժեշտ առաւ անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ ի քաղցր տեսութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.